Ժամացոյցին վրայ պատի երբ կը համրեմ ես ժամերն,
Ու կը դիտեմ մերկ լոյսին անկումը ժանտ ցայգին մէջ,
Երբ կը տեսնեմ մանիշակն՝ հիմա հակած յոգնաբեկ,
Ու ճերմակով արծաթուած սեւ խոպոպները այն պերճ,
Այրիացած երբ իրենց տերեւներէն կը տեսնեմ
Այն մեծ ծառերն որ էին հովանի մեծ հօտերուն
Եւ կանանչ բերքը ամրան երբ կը գտնեմ աչքիս դէմ՝
Որայ կապուած ու դագաղ դըրուած դէմքով դեղնագոյն.
Կը մըտածեմ այն ատեն գեղեցկութեանդ բախտին՝
Որ պիտի ինքն ալ անցնի ինչպէս ամէն աղուոր բան
Որք կը մեռնին՝ մինչ ուրիշ բաներ կեանքի նոր կուգան.
Ոչինչ կրնայ արգիլել ժամանակի գերանդին
Դըպելու քեզ ալ՝ բացի քու սերունդէդ հարազատ՝
Որ անոր դէմ պիտ' ելլէ երբ յարձակի ան վըրադ: